image

Սփիւռքի նախարար. «Մենք փոքրիկ Հայաստանի մէջ ենք՝ Այնճարի մէջ»

Սփիւռքի նախարար. «Մենք փոքրիկ Հայաստանի մէջ ենք՝ Այնճարի մէջ»

Սուրիոյ Արաբական հանրապետութիւն կատարած այցէն ետք Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան մեկնած է Լիբանանի Այնճար հայաւանը: Նախարարին դիմաւորած են աղուհացով, հայկական ջերմ հիւրընկալութեամբ:  «Մեզի դիմաւորած են փոքրիկ Հայաստանի՝ Այնճարի մէջ»,- գրած է Մխիթար Հայրապետեան, աւելի ուշ իր ելոյթի ընթացքին նշելով, որ առաջին պահէն կը զգայ հայկական շունչը հեռաւոր Այնճարի մէջ, եւ իր անձը կը զգայ Հայաստանի մէջ: 

 

Լիբանանի մէջ Մխիթար Հայրապետեան տարբեր հանդիպումներ կ'ունենայ համայնքի մէջ: 

 

«Արեւելքի» տուեալներով Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան պաշտօնական այց պիտի կատարէ նաեւ Եգիպտոս, ուր 25 սեպտեմբերին նախատեսուած է անոր հանդիպումը Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի հետ: