image
Հրատապ լուրեր:

«Ժողովուրդ, թողէք մի քիչ քայլենք էլի». Փաշինեանը դուստրերուն հետ շրջած է մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ

«Ժողովուրդ, թողէք մի քիչ քայլենք էլի». Փաշինեանը դուստրերուն հետ շրջած է մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ, 21 սեպտեմբերին իրականացուող տօնական միջոցառումներուն մասնակցած է նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

NEWS.am–ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ վարչապետը մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ շրջած է դուստրերուն հետ, սելֆիներ ըրած քաղաքացիներուն հետ։

«Եկէք, մի քիչ քայլենք էլի, ժողովուրդ ջան։ Լաւ էլի եղբայր, դուրս եմ եկել երեխաներիս հետ քայլելու»,– անընդհատ կը յորդորէր Նիկոլ Փաշինեանը, սակայն, քաղաքացիները կը շարունակէին լուսանկարուիլ անոր հետ։

Անվտանգութեան աշխատակիցները հազիւ յաջողած էին ճանապարհ բանալ վարչապետին եւ անոր դուստրերուն համար։