image

«Սասունցիներու պարը» պալէն կը ներկայացուի Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ

«Սասունցիներու պարը» պալէն կը ներկայացուի Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ

Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ` 24 սեպտեմբերին` ժամը 19:00-ին, Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ  տեղի կ’ունենայ քանատաբնակ երգահան, արտադրող Մաժակ Թոշիկեանի «Սասունցիներու պարը» պալէի  անդրանիկ ելոյթը, որուն հիմքին մէջ Ինկած է Գէորգ Էմինի համանուն պոէմը:

Բեմադրութեան հեղինակն է Գրիգոր Խաչատրեան, բալետմայստերներն են Արման Ջուլհակեան եւ Արա Ասատուրեան:

Ելոյթ կ’ունենան ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Սեւակ Աւետիսեան, երգչուհիներ Գոհար Յովհաննիսեան, Մելինէ Առաքէլեան, Նարինէ Ասոյեան, Մարիամ Զայանեան: Իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ «Նարեկ» պարային համոյթը (գեղ.ղեկ.` Ա. Ջուլհակեան) եւ «Արմէններ» հարուածային գործիքներու անսամպլը (գեղ.ղեկ.` Գ. Թամրազեան եւ Ա. Դաշեան):

«Սասունցիներու պարը» կը ներկայացուի նաեւ Գիւմրիի հանդիսատեսին 13 հոկտեմբերին` ժամը 18:30-ին` Վ. Աճեմեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ:

Մուտքը` հրաւիրատոմսերով: