image
Հրատապ լուրեր:

«Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» տօնավաճառ՝ 19-20 սեպտեմբերին

«Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» տօնավաճառ՝ 19-20 սեպտեմբերին

ՀՀ անկախութեան տօնին առթիւ, 19 սեպտեմբերին, ժամը 13:00-ին, Թումանեան փողոցի եւ Հիւսիսային պողոտայի հատման կէտէն մինչեւ Տէրեան եւ Հին երեւանցի փողոցներու հատման կէտն ինկած բացօթեայ հատուածին մէջ պիտի մեկնարկէ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» աւանդական դարձած բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը: Հանդիսաւոր բացման Ներկայ պիտի գտնուի սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը :

Տօնավաճառը կ'իրականացուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի նախաձեռնութեամբ:  

Ցուցահանդէս-տօնավաճառը պիտի գործէ  19 եւ 20 սեպտեմբերն, ժամը 10:00-19:00-ը: