image
Հրատապ լուրեր:

Մասիսի լանջի հրդեհը տակաւին չէ մարուած. Աղբիւրներ (Լուսանկարներ)

Մասիսի լանջի հրդեհը տակաւին չէ մարուած. Աղբիւրներ (Լուսանկարներ)

Արարատ լերան լանջին, 14 սեպտեմբերին մեծ հրդեհ բռնկած է, որ տեսանելի է նոյնիսկ ՀՀ սահմանամերձ տարածքներէն:

Մասիս լերան լանջին բռնկած խոշոր հրդեհը դեռ չէ յաջողուած ամբողջութեամբ մարել: Թուրքիոյ տարածքին գնտուող Իկտիր նահանգի ոստիկանական ուժերը կրակը մարելու համար կ'օգտագործեմ անօդաչու թռչող սարքեր, կը գրէ թրքական haberler.com կայքը։


Դեռ երեք օր առաջ բռնկած հրդեհն արագօրէն տարածուած է քամիի պատճառով։ Ներկայիս հրդեհն արդէն ամբողջութեամբ այրած է աւելի քան 200 հեքթար մակերեսով տարածք։ 

Եւս 160 հտքթար հովտային տարածքի վրայ տարածուած հրդեհը յաջողուած է մարել մինչ կրակի՝ լերան լանջին գտնուող անտառածածկ տարածքին հասնիլը։

Հրդեհի բռնկման պատճառներու մասին դեռ մանրամասներ չեն հաղորդուիր։

Թեմայի վերաբերեալ ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնը յայտնած է, որ Մասիս լերան լանջին ծաւալուն հրդեհ է, այրող օճախները ներկայիս հեռու են հայ-թրքական սահմանէն: Կառոյցն կ'իրականացնէ մշտադիտարկում: