image

Դամասկոսի Պապ Շարքիի մուտքի փակումը լարուածութիւն կը ստեղծէ

Դամասկոսի Պապ Շարքիի մուտքի փակումը լարուածութիւն կը ստեղծէ

Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի բնակիչները երէկ, չորեքշաբթի առաւօտեան անակնկալի առջեւ կանգնած են, ականատես ըլլալով հին քաղաքի մուտքերէն մէկուն` Պապ Շարքիի դիմաց պատ շարուած ըլլալուն:

Երեւոյթը քննադատութիւններու, սպառնալիքներու եւ զայրոյթի ալիք բարձրացուցած է ընկերային կայքերու տարբեր էջերուն:


Հին Դամասկոսի տնօրէն Հայաթ Հասան «Հաշթակ Սուրիա» կայքին հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ Պապ Շարքիի աջ հատուածը Ազգային պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ուժերու ենթակայութեան տակ էր, որոնք արձակուրդի օրերուն առիթէն օգտուելով սենեակ կառուցած են հին քաղաքի սեմին:


«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին հաղորդմամբ, ժողովրդային զայրոյթն ընդամէնը քանի մը ժամ տեւելէ ետք, իրաւասու մարմիններու կողմէ ապօրինի շինութիւնը վերացուած է: