image

Ռաֆիք Հարիրիի սպաննութեան գործ. Միջազգային դատարանի սեպտեմբերի վճիռը յետաձգուած է

Ռաֆիք Հարիրիի սպաննութեան գործ. Միջազգային դատարանի սեպտեմբերի վճիռը յետաձգուած է

«Ալ Հայաթ» թերթի լրագրող Ուալիտ Շքէյր յօդուած մը հրապարակած է, ուր նշած է, թէ ըստ Միջազգային դատարանի Լիբանանի վերաբերեալ գործերու քննութեան բաժնի աղբիւրներուն, սեպտեմբերին նշանակուած նիստի ժամանակ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան մէջ մեղադրուողներու դէմ դատավճիռ պիտի չկայացուի:

Յօդուածագիրը նշած է նաեւ, որ ըստ տուժող կողմի ներկայացուցիչ փաստաբաններու, սեպտեմբերին նշանակուած նիստը յատկացուած պիտի ըլլայ մեղադրող, տուժող եւ ամբաստանեալ կողմի ճառերուն:


Դատարանի աղբիւրին փոխանցմամբ, դատավճիռի հրապարակումը կրնայ ամիսներ տեւել, նկատի ունենալով, որ դատարանը հանգամանօրէն պէտք է ուսումնասիրէ եւ քննութեան առնէ արտասանուելիք ճառերն ու այնտեղ ներկայացուած ապացոյցները: