image
Հրատապ լուրեր:

Քարերով պատրաստուած արուեստի գործեր. Սուրիացի արուեստագէտը կը յաւակնի մտնել «Կինէս»ի արձանագրութիւններ

Քարերով պատրաստուած արուեստի գործեր. Սուրիացի արուեստագէտը կը յաւակնի մտնել «Կինէս»ի արձանագրութիւններ

Սուրիոյ Լաթաքիա ծովափնեայ քաղաքի բնակիչ Նիզար Ալի Պատր ծովեզերքէն հաւաքած փայլուն քարերը պազալտէ վահանակներու վրայ շարելով իւրայատուկ արուեստի կտորներ կը ստեղծէ:

«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ժամանակ արուեստագէտը պատմած է, թէ պատերազմի 7 տարիներու ընթացքին 25 հազար արուեստի կտոր ստեղծած է, որ բաւարար է, «Կինէս»ի մրցանանիշ գրանցելու համար:
Արուեստագէտը նշած է, որ իր առաջին պատկերը ստեղծած է պատերազմի արհաւիրքէն փախուստի դիմող քաղաքացիներու տեսարանէն ներշնչուելով, այնուհետեւ շարունակելով ստեղծագործել, իր աշխատանքներով մասնակցած է շարք մը միջազգային ցուցահանդէսներու, ինչպէս նաեւ վաւերագրական ֆիլմի մը նկարահանման: 
Պատրի պնդմամբ, իր պատկերներու ազդեցութեամբ, Եւրոպայի մէջ բողոքի ցոյցեր կազմակերպուած են, Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերականգնում պահանջելով: