image

Հայաստանցի կինը ծեծած է սուրիահայ փոքրիկ մը. Միջադէպ Օփերայի բակը

Հայաստանցի կինը ծեծած է սուրիահայ փոքրիկ մը. Միջադէպ Օփերայի բակը

Խումբ մը սուրիահայեր դիմած են «Արեւելքին»՝ մտահոգուած պատմելով երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած միջադէպի մասին Օփերայի բակին մէջ, ուր սուրիահայ ութամեայ փոքրիկ մը բռնութեան ենթարկուած է:

 

Օփերայի բակի խաղավայրերէն մէկուն մէջ խաղալու ժամանակ երեխայ մը մայրիկին բողոքած է, որ փոքրիկ տղայ մը հրած է: Մայրը, լսելով աղջկայ բողոքը, մտած է խաղավայր եւ ծեծած խաղի ժամանակ իր աղջիկը ձեռքով հրած տղան: Ծեծին ականատես եղած են խաղավայրի աշխատողները եւ շուրջը հաւաքուած մարդիկ, սակայն, ինչպէս պատմած են դէպքը ներկայացնող սուրիահայերը, ոչ ոք միջամտած է: Աւելին, երբ երեխայի ծնողները ոստիկան կանչած են, որոշ մարդիկ դէպքի վայրէն արագ հեռացուցած են բռնութիւն կատարած կինը:

 

«Արեւելքին» դիմած եւ վրդոված սուրիահայերը պատմած են, որ երեխան Երեւանի մէջ հաստատուած յայտնի բժիշկներէն մէկու որդին է, որ խաղի ժամանակ թեթեւակի հրած է նոյն խաղավայրի մէջ խաղցող աղջիկը:

 

Անոնք տեղեկացուցած են նաեւ, որ ոստիկանները դէպքի վայր ժամանած են բաւական ուշացումով, իսկ ժամանելէ ետք ալ ոչինչ կրցած են ընել, քանի որ կինը արագ հեռացած է:

 

«Արեւելքի» հետ զրոյցի ժամանակ երեխայի հայրը՝ Երեւանի մէջ հաստատուած սուրիահայ ատամնաբոյժ Հ.Գ.-ն, ըսաւ, որ անծանօթ կինը իր երեխան կոպտօրէն ծեծած է,  իրենք հազիւ հասած են եւ անոր ձեռքէն ազատած ութամեայ տղան: 

 

«Մենք պատերազմէն եկանք հայրենիք, այստեղ կ'ապրինք, կ'աշխատինք, երեխաները այստեղ դպրոց եւ մանկապարտէզ  կը յաճախեն, բայց երբեք չէինք մտածեր, որ հայրենիքի մէջ այսպիսի միջադէպի մասնակից կ'ըլլանք: Եթէ այդ կինը փախած չըլլար, մենք ուղղակի դատի կու տայինք: Այդ պահուն մեզի համար երեխան կարեւոր էր եւ մինչ երեխան  կը հանգստացնէինք, ան փախաւ, յետոյ ալ չկրցանք գտնել: Ապշած էինք, թէ այդքան երիտասարդ կինը ինչպէ՛ս դաժանօրէն ծեծի կ'ենթարկէ փոքրիկ մը: Կ'ուզեմ, որ դէպքի ականատեսները այս ամէնը կարդալով՝ քիչ մը մտածեն տեղի ունեցածի մասին: Իսկ խաղավայրի պատասխանատուներն ալ, այդքան թանկ գիներով խաղավայրը շահագործելէ առաջ նախ մտածեն ապահովութեան եւ կարգ ու կանոնի մասին»,- «Արեւելքին» յայտնեց սուրիահայ բժիշկը, որ ըստ վերջինիս, դեռ ուշ չէ եւ իրաւապահները կրնան այս դէպքի առընչութեամբ համապատասխան քայլեր ձեռնարկել: