image

Ասմաա Ասատի առաջին գրառումը հիւանդութեան լուրի հրապարակումէն ետք

Ասմաա Ասատի առաջին գրառումը հիւանդութեան լուրի հրապարակումէն ետք

Սուրիոյ նախագահական պալատի պաշտօնական գրասենեակին կողմէ Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմաա Ասատի հիւանդութեան մասին յայտարարութեան հրապարակման յաջորդած է Տիկին Ասմաայի գրառումը:

Առաջին Տիկինն իր գրառման մէջ մասնաւորապէս նշած է, որ ինք զաւակն է այն ժողովուրդին, որ աշխարհին ցոյց տուաւ, թէ ինչ կը նշանակէ կամքի ուժ ունենալ եւ քաջաբար պայքարիլ կեանքի դժուարութիւններուն դէմ: «Կամքի ուժս ձեր կողմէ անցած բոլոր տարիներու ընթացքին ցուցաբերուած  կամքի ուժէն ու հաստատակամութենէն կը բխի»,- շեշտած է Ասմաա:

Նշենք, որ Սուրիոյ նախագահական պալատի պաշտօնական էջը գրառմամբ մը յայտարարած է, թէ Առաջին Տիկինին մօտ յայտնաբերուած է կրծքագեղձի քաղցկեղ, եւ ներկայիս բուժման առաջին հանգրուանի մէջ կը գտնուի: