image

Վանաձոր. Պիտի ներկայացուի Քըրք Քըրքորեանի կեանքը ներկայացնող ՝ «Խաղացողը» հատորը

Վանաձոր. Պիտի ներկայացուի Քըրք Քըրքորեանի կեանքը ներկայացնող ՝ «Խաղացողը» հատորը

Ամերիկահայ գործարար, միլիառատէր, բարերար, «Տրասինդա Քորփորէյշն»-ի գործադիր տնօրէն, Հայաստանի ազգային հերոս Քըրք Քըրքորեանի մասին պատմող «Խաղացողը» գիրքին շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Վանաձորի մէջ։ Ըստ Armenpress.am-ի՝ շնորհանդէսը պիտի կայանայ 11 օգոստոսին, ժամը 13:00-ին, Լոռիի մարզային գրադարանին մէջ: Գիրքը լոյս ընծայած է «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւնը:

«Մենք կը շարունակենք Քըրք Քըրքորեանի մասին պատմող «Խաղացողը» գիրքը ներկայացնել հանրապետութեան մարզերուն մէջ: Մարզային շնորհանդէսներուն նպատակն է ոչ միայն գիրքը ներկայացնել տեղի բնակիչներուն եւ պատմել, թէ ով եղած է Քըրք Քըրքորեանը, այլեւ աշխուժացնել մարզաբնակներու մշակութային առօրեան»,- կը նշէ «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեան շուկայագիտութեան տնօրէն Շաւարշ Կարապետեան:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսած եւ արդէն իսկ ամենաշատ վաճառուած գիրքին հեղինակը Ուիլեըմ Չ. Ռեմփըլն է: Գիրքին թարգմանիչներն են Ալինա եւ Աննա Միրզոյեանները: «Խաղացողը. Թէ ինչպէս անփող, թերուս Քըրք Քըրքորեանը դարձաւ դրամատիրական պատմութեան խոշորագոյն գործարարը» անգլերէն գիրքը լոյս տեսած է 23 յունուար 2018-ին:

Նշենք, որ «Խաղացողը» լոյս կը սփռէ ամէն ինչին ինքնուրոյն հասած այս սակաւաճանաչ ձեռնարկատիրոջ ոգեշնչող պատմութեան վրայ: