image

Սուրիոյ դրամատուները սկսած են ստուգել գումարային աւանդներու աղբիւրը

Սուրիոյ դրամատուները սկսած են ստուգել գումարային աւանդներու աղբիւրը

Օրերս ընկերային կայքերու էջերուն լայն տարածում գտած է սուրիացիներու կողմէ բարձրացուած բողոքը առ այն, որ Սուրիոյ դրամատուները սկսած են պահանջել ներդրուած աւանդներու աղբիւրը յայտնել:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, նշուած խնդիրը մեծ լարուածութիւն ստեղծած է սուրիական հասարակութեան մօտ, մանաւանդ, որ անոր անդրադարձած են բոլոր լրատուամիջոցները:

Կեդրոնական դրամատան գլխաւոր ղեկավար Տուրայտ Տրղամի համաձայն, ներդրուած աւանդի աղբիւրը կը պահանջուի յայտնել միայն այն պարագային, երբ գումարը կը գերազանցէ 15 միլիոն սուրիական լիրան, պնդելով, որ այն ապօրինի հարստացման կանխման նպատակով է: