image
Հրատապ լուրեր:

Գերմանիա բնակող լիբանանցի ընտանիք մը բռնադատման թիրախ

Գերմանիա բնակող լիբանանցի ընտանիք մը բռնադատման թիրախ

Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը մայրաքաղաք Պերլինի մէջ ձերբակալած է լիբանանցի ընտանիքի մը անդամները, մեղադրելով զանոնք տարբեր տեսակի «կազմակերպուած յանցագործութիւններ» կատարելու մէջ, կը գրէ «Alarabiya.net» լրատուական կայքը:

Կային փոխանցմամբ, ոստիկանութիւնը միաժամանակ առգրաւած է ընտանիքին պատկանող գոյքերը, որոնց թիւն ու քանակը հասած է 77 անշարժ գոյքի եւ12 միլիոն տոլար գումարի:

Ոստիկանութիւնն առգրաւած է նաեւ ընտանիքին պատկանող այն գոյքերը, որոնք կազմակերպուած յանցագործութիւններ կատարելու միջոցով ձեռք բերուած են, եւ որոնց թուին է 100քկ կշռող 4 միլիոն տոլար արժողութեամբ ոսկեայ մետաղադրամը:

Ոստիկանութիւնը անվտանգութեան նկատառումներով հրապարակած է ընտանիքի ազգանուան սկզբնատառը՝ «R» միայն: