image

Լիբանան ուղեւորուող օդանաւի ուղեւորները սարսափ ապրած են.Պատճա՞ռը (Տեսանիւթ)

Լիբանան ուղեւորուող օդանաւի ուղեւորները սարսափ ապրած են.Պատճա՞ռը (Տեսանիւթ)

Համացանցի ընկերային էջերուն տեսագրութիւն մը տարածուած է, որ ըստ շրջանառուող լուրերու, Շարմ Ալ Շէյխէն Լիբանան ուղեւորուող օդանաւին մէջ նկարուած է:

Տեսագրութեան մէջ նկատելի է ուղեւորներու սարսափն ու երեխաներու լացը այն բանէն ետք, երբ ուղեկցուհին կը յայտնէ, թէ օդանաւը անսարքութեան մատնուած է:

Տեսագրութեան մէջ ուղեւորներէն մէկը ուղեկցուհիին հանդիմանելու կ'ըսէ. «Հաւանաբար միասին մեռնինք, սակայն դուն մեզ եօթ անգամ սպանեցիր: Քու պարտականութիւնդ ուղեւորները հանդարտեցնել է, պէտք չէր երեխաներուն տեղեկացնէիր»:

Իր հերթին այլ ուղեւոր մը կը սպառնայ բողոք ներկայացնել ուղեկցուհիին դէմ, երբ Լիբանան հասնին:

Նշենք, որ տեսագրութեան նկարահանման օրն ու ժամը նշուած չեն: