image

Սուրիոյ դեսպանը այցելեց Վարչապետ Փաշինեանին

Սուրիոյ դեսպանը այցելեց Վարչապետ Փաշինեանին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամմէտ Հաճ Իպրահիմը:

 
Նշելով, որ Հայաստանի մէջ ցաւով կը հետեւին վերջին տարիներու ընթացքին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն՝ վարչապետը բարեկամ սուրիացի ժողովուրդին մաղթած է, որպէսզի օր առաջ երկրին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի:

Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի մամլոյ ծառայութենէն, զրուցակիցները բարձր գնահատած են հայ-սուրիական քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակը եւ կարեւորած տնտեսութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան յետագայ զարգացումն ու ընդլայնումը, հաշուի առնելով նաեւ մեր երկրի միջոցով Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայ մուտք գործելու հնարաւորութիւնները: Կողմերը քննարկած են առկայ տնտեսական ներուժի իրացման, յառաջիկային հայ-սուրիական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստ իրականացնելու հնարաւորութիւններուն վերաբերող հարցեր:


Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին՝ Սուրիոյ ցուցաբերուող մարդասիրական օգնութեան համար: Մոհամմէտ Հաճ Իպրահիմը նաեւ ընդգծած է սուրիահայերու կարեւոր դերը երկրի զարգացման ու կառուցման գործին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցներն անդրադարձ կատարած են Սուրիոյ վերակառուցման, ինչպէս նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու: