image

Սփիւռքի նախարարը մասնակցեցաւ «Սուրիահայերու եւ տեղացիներու դիմակայունութեան բարձրացում» ծրագիրի պաշտօնական բացման

Սփիւռքի նախարարը մասնակցեցաւ «Սուրիահայերու եւ տեղացիներու դիմակայունութեան բարձրացում» ծրագիրի պաշտօնական բացման

18 Յուլիսին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան մասնակցեցաւ «Սուրիահայերու եւ տեղացիներու դիմակայունութեան բարձրացում»  ծրագիրի պաշտօնական բացման:

Ծրագիրին նպատակն է բարելաւել սուրիահայերու եւ տեղաբնակներու ընկերային ու տնտեսական դիմակայունութիւնը:

Նախարարը հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով: «Կ՛ողջունեմ Եւրոպական միութեան տարածաշրջանային «Մադադ» հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ եւ Աւստրիական զարգացման գործակալութեան համաֆինասնաւորմամբ Աւստրիական Կարմիր խաչի, Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութեան, «Հայկական Կարիտաս» բարեսիրական ՀԿ-ի, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի եւ ՓՄՁ համագործակցութեան ընկերակցութեան համընկերութեամբ իրականացուող` «Սուրիահայերու եւ տեղաբնակներու դիմակայունութեան բարձրացում» ծրագիրի պաշտօնական մեկնարկը: Այսօր մենք ներկայ ենք մեր հայրենակիցներու, պատերազմէմ մազապուրծ, հայրենիքի մէջ իրենց տունը վերագտած սուրիահայ եղբայրներու եւ քոյրերու բարօրութեան, բարեկեցութեան եւ դիմակայունութեան բարձրացման ուղղուած եւս  կարեւոր ծրագիրի մը պաշտօնական բացման արարողութեան»,-ըսաւ նախարարն ու վստահեցուց, որ սուրիական հակամարտութեան հետեւանքով Հայաստան հաստատուած սուրիացի փախստականներու եւ յատկապէս սուրիահայերու հիմնախնդիրները եւ վերջիններուս աջակցութեան, հասարակական ընդելուզման հիմնահարցերն այս ձեռնարկին ներկայ բոլոր կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն գործունէութեան առաջնահերթութիւններէն են:

Ծրագիրը պիտի տեւէ 36 ամիս` 2018 թուականի յուլիս ամիսէն մինչեւ 2021 թուականի յունիս ամիսը: