image

Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Արամ Մանուկեանի արձանին

Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ  Արամ Մանուկեանի արձանին

Երեւանի մէջ կայացաւ յայտնի պետական ու ռազմական գործիչ, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիրներէն՝ Արամ Մանուկեանի արձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

 

Արարողութեան մասնակցած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.–ն, ԱԺ խօսնակ Արա Բաբլոյեան եւ փոխքաղաքապետ Կամո Արէեան։

 

Մաքեթի փուլին մէջ ապագայ արձանը քննադատութեան արժանացած էր, արձանի էսքիզի նկարները սկսած էին հրապարակուիլ ֆէյսպուքի վրայ։

 

Երեւանի Աւագանիի «Ելք» խմբակցութեան ներկայացուցիչները յայտնած էին, որ արձանը ներկայանալի չէ ու խղճահարութիւն կ'առաջացնէ։

 

Ներկայացուած տարբերակը հաւանութեան չէր արժանացած նաեւ մրցութային յանձնաժողովի անդամ Անուշ Տէր–Մինասեանի կղմէ։ Փորձագէտը յայտնած էր, որ մրցոյթը խախտումներով անցած է, եւ այս տարբերակը հաստատուած է կանոններու խախտմամբ։

 

Յուշարձանը տեղադրուած էր 28 յունիսին։ Քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէն հաղորդագրութիւն տարածած էր, որ տեղադրումը պէտք է յետաձգուի։

Ըստ կոմիտէի ղեկավար Աւետիք Էլոյեանի՝ տեղադրման վայրի հետ կապուած պէտք է հանրային քննարկումներ իրականացուին, սակայն քաղաքապետարանի մէջ նշած էին, որ յայտարարութիւնը ուշացած է, քանի որ հիմնական աշխատանքները արդէն կատարուած են, իսկ բրոնզեայ արձանը տեղադրուած է։