image
Հրատապ լուրեր:

Պաքուի մէջ ձերբակալուած Կարէն Ղազարեանը որեւէ կապ չունի ՀՀ զինուած ուժերուն հետ

Պաքուի մէջ  ձերբակալուած Կարէն Ղազարեանը որեւէ կապ չունի ՀՀ  զինուած ուժերուն   հետ

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները լուսանկար հրապարակած են եւ պնդած, որ լուսանկարի մէջ գերեվարուած հայ հետախոյզ բռնած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Ղազախի հատուածի վրայ։

 

ՀՀ ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան պարզաբանում ներկայացուցած եւ հերքած է Կարէն Ղազարեանի հետախոյզ ըլլալու մասին լուրերը՝ նշելով, որ քաղաքացիի՝ Ատրպէյճանի տարածքին յայտնուելու մասին հանգամանքները պիտի ճշդուին: 

 

Աշոտ Ահարոնեան գրած է. «Այսօր ատրպէյճանական կողմը տեղեկատուութիւն է տարածել, թէ Ղազախի շրջանում հայկական կողմից դիվերսիոն (քանդիչծ) ներթափանցման փորձ են կասեցրել ու գերեվարել «հայ հետախոյզ», 1984 թ. ծնուած Կարէն Ղազարեանին: 
 

 

Յայտնում ենք, որ լուրը բացարձակապէս չի համապատասխանում իրականութեանն ու ապատեղեկատուութիւն է: 

Կարէն Ղազարեանը Հայաստանի Հանրապետութեան Տավուշի մարզի սահմանամերձ Բերդաւան գիւղի բնակիչ է, որեւէ առընչութիւն չունի զինուորական ծառայութեան հետ, ունի առողջական խնդիրներ եւ 2013 թուականից հաշուառուած է համապատասխան բուժհաստատութիւնում: Կարէն Ղազարեանի՝ ատրպէյճանական տարածքում յայտնուելու հանգամանքները ճշտւում են»: 

Աւելի վաղ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ պարզաբանած է, թէ ՀՀ ՊՆ-ը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ Տավուշի Բերդաւան գիւղի բնակիչ, 1984թ. ծնունդ Կարէն Ղազարեան չէ ծառայեր եւ երբեք չէ ծառայած ՀՀ ԶՈւ-ի մէջ։  
 

 

«Միաժամանակ նշենք, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեանը, հանդիսանալով Գերիների պատանդների եւ անյայտ կորածների միջգերատեսչական յանձնաժողովի նախագահ, դիմել է ԿԽՄԿ Երեւանեան գրասենեակ՝ ՀՀ քաղաքացի Կարէն Ղազարեանի վերադարձի կազմակերպման համար։ Նշենք նաեւ, որ ԿԽՄԿ Երեւանեան գրասենեակը զգուշացուած է Կարէն Ղազարեանի առողջական խնդիրներու վերաբերեալ»,- գրած էր Արծրուն Յովհաննիսեան: