image

Նոր մանրամասնութիւններ Հրանդ Տինքի գործով ցմահ բանտարկուած Եասին Հայալի մասին

Նոր մանրամասնութիւններ  Հրանդ  Տինքի  գործով  ցմահ բանտարկուած Եասին Հայալի  մասին

10 յուլիսին Պոլսոյ մէջ կայացած է պոլսահայ անուանի լրագրող եւ հրապարակախօս Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով 75-րդ դատական նիստը։ Նիստի ընթացքին հարցաքննութեան ենթարկուած են շարք մը վկաներ։ Որպէս վկայ հանդէս եկած է նաեւ Օկիւն Սամասթին սպանութեան դրդելու մէջ մեղադրուող եւ այդ յանցանքի համար ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Եասին Հայալի ազգական Ճոշքուն Իղճին։

Վերջինս իր ցուցմունքներու մէջ յայտնած է, որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն առաջ Եասին Հայալ իրեն ըսած է, որ կը պատրաստուի սպաննելու Տինքը։

 

Այդ լուրը ստանալէ ետք Իղճին այդ մասին հաղորդած է հետախուզութեան աշխատակիցներ Վէյսէլին եւ Օքանին։

 

«Ես հաղորդում տուի այդ մասին, որովհետեւ Եասինի խօսքը գործ էր։ Ես կ'ուզէի պաշտպանել Եասինը, քանի որ Տրապիզոնի մէջ օղաբլիթ (սիմիթ) վաճառող մէկը նման յանցանք չի կրնար ծրագրել ու իրագործել։ Իմ համոզմամբ՝ որոշ մարդիկ Եասինը կ'օգտագործէին իրենց նպատակին հասնելու համար», - ըսած է Իղճին։