image
Հրատապ լուրեր:

Եգիպտացի դերասանի երկու թոռնուհիներն ու դուստրը խեղդամահ եղած են Եգիպտոս-Ռուսիա խաղին ընթացքին

Եգիպտացի դերասանի երկու թոռնուհիներն ու դուստրը խեղդամահ եղած են Եգիպտոս-Ռուսիա խաղին  ընթացքին

Եգիպտոս-Ռուսիա հանդիպման ընթացքին Եգիպտոսի մէջ դաժան սպանութեան դէպք տեղի ունեցած է:

«Ալ Ահրամ» թերթին փոխանցմամբ, Պուլաք շրջանին մէջ եգիպտացի դերասան Մուրսի Ապու Ալ Ապպասի երկու թոռնուհիներն ու իրենց մայրը խեղդամահ եղած են այն պահուն, երբ տան տղամարդը տունէն դուրս եկած էր, սրճարաններէն մէկուն մէջ Եգիպտոս-Ռուսիա խաղը դիտելու համար:

Երիտասարդի տուած ցուցմունքին համաձայն, սրճարան գտնուած ժամանակ քանի մը անգամ իր կնոջ քոյրը զանգած ու հետաքրքրուած է քրոջ մասին, որմէ ետք տղամարդը մտահոգուած ու տուն վերադարձած է: Տուն մտնելով նախ յայտնաբերած է երկու դուստրերուն դիակները, այնուհետեւ հասնելով ննջասենեակ, այնտեղ գտած է կնոջ դիակը, նշելով նաեւ որ 300 եգիպտական  կինէ  գողցուած է տունէն:

Շէնքի տարածքին տեղադրուած տեսախցիկներէն պարզ դարձած է, որ դէպքը տեղի ունեցած ժամանակահատուածին մէջ օտար կին մը եւ տամարդ մը մտնելով շէնք ուղղուած են դէպի սպաննուածներու բնակարանին մուտքը:

Ոստիկանութիւնը որպէս կասկածեալ ներգրաւած է ընտանիքին մօտիկ ծանօթներէն մէկը: