image

Պէյրութ. Լոյս տեսած է Լոռի Թաշճեանի «Ցեղասպանութիւնը Վերապրածներու Ծննդավայրերը Լիբանանի Տապանագրերում» աշխատութիւնը

Պէյրութ. Լոյս տեսած է Լոռի Թաշճեանի «Ցեղասպանութիւնը Վերապրածներու Ծննդավայրերը Լիբանանի Տապանագրերում» աշխատութիւնը

Հայկական Ճարտարապետութիւնը Ուսումնասիրող Հիմնադրամը 2018-ին լոյս ընծայած է լիբանանահայ Լոռի Թաշճեանի հեղինակած «Ցեղասպանութիւնը Վերապրածների Ծննդավայրերը Լիբանանի Տապանագրերում» գիրքը։ Անիկա ՀՃՈւ-ի հրատարակած գիտական 18-րդ ուսումնասիրութիւնն է։

Աշխատութիւնը կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան այլ վայրերու մէջ ծնած, 1915-ի ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ Լիբանան հաստատուած հայերու տապանաքարերուն արձանագրութիւնները։

«Այդ տեղանուններուն ուսումնասիրութիւնն է այս աշխատութիւնը, որ կ՝ամփոփէ Այնճարի, Պուրճ Համուտի, Ղազիրի, Ճիւնիի, Թրիփոլիի, Ֆէրն ալ Շըպպէքի հայ առաքելական, աւետարանական եւ կաթողիկէ, ինչպէս նաեւ Զահլէի եւ Սայտայի ոչ հայկական գերեզմանատուներու արձանագրութիւնները»,- կը գրէ Լոռի Թաշճեան, անդրադառնալով աշխատութեան։

Հեղինակին հաւաստիացումով՝ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք հաւաքուած է մօտաւորապէս 10000 լուսանկար, ներկայացուած են միայն այն տապանաքարերը, որոնց վրայ, հանգուցեալին անուն մականունէն բացի, արձանագրուած են տեղանուններ, ինչպէս նաեւ տապանաքարերը այն հանգուցեալներուն, որոնց ծննդավայրերը կարելի եղած է ճշդել այլ աղբիւրներու միջոցով։

Իւրաքանչիւր գերեզմանատան լուսանկարին եւ անոր հաստատման տեղեկութեան կողքին կը գտնենք այբբենական կարգով ցանկը հոն տապանագիր ունեցող ընտանիքներու։

Հեղինակը գիրքը ձօնած է՝

«անոնց, որոնք բաց աչքով կապոյտին նայեցան,

անոնց, որոնք ափ մը հողի եւ աղօթքի մրմունջի մը կարօտ մնացին,

անոնց, որոնց ոսկորտիքը անապատի կիզիչ արեւին տակ փշրուեցան,

անոնց, որոնք հայրենի հողէն ու զուլալ ջուրէն ի սպառ զրկուեցան»։

Յառաջաբանին մէջ հեղինակը կը պատմէ, թէ ինչպէս ամէն բանէ զրկուած հայը, երբ Լիբանան կը հասնի, հոն կը հիմնէ եկեղեցիներ, վարժարաններ, կեդրոններ եւ գերեզմաններ, տապանագրերուն վրայ յաւերժացնելով մեռած հայորդիներու յիշատակը, յիշելով անոնց ծննդավայրերը։

Գիրքի պատրաստութեան համար աղբիւր ծառայած է Սիսակ Վարժապետեանի «Հայերը Լիբանանի մէջ՝ եռահատոր աշխատութիւնը։ Հեղինակը նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի տնօրէն պարոն Սամուէլ Կարապետեանին՝ այս աշխատանքին մասնակցելու ստեղծած առիթին համար։ Նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ պարոն Ռաֆֆի Քորթոշեանին՝ հրատարակութեան օժանդակութեան համար։