image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանը պիտի մասնակցի Ուաշինկթընի «Ֆոլքլայֆ» փառատօնին

Հայաստանը պիտի մասնակցի Ուաշինկթընի «Ֆոլքլայֆ» փառատօնին

ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, 27 յունիսին, պիտի սկիզբ առնէ Սմիթսընեան հաստատութեան կողմէ իրականացուող «Ֆոլքլայֆ» փառատօնը, որուն առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի Հայաստանը: Երկու շաբաթ տեւող փառատօնի հանդիսաւոր բացման ներկայ պիտի ըլլայ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան: 26 Յունիսին Նախագահը պիտի մեկնի ԱՄՆ՝ Ուաշինկթըն, մասնակցելու Միացեալ Նահանգներու գիտահետազօտական եւ մշակութային կեդրոններէն մէկուն` Սմիթսընեան ուսումնարանի ամենամեայ «Ազգային կեանք» փառատօնին:

ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ, ազգագրագէտ, «Ֆոլքլայֆ» փառատօնին Հայաստանի մասնակցութեան գործընթացը համակարգող Լեւոն Աբրահամեան ըսած է, որ նախագահի մասնակցութեամբ կ՝ընդգծուի փառատօնին Հայաստանի մասնակցութեան կարեւորութիւնը:

Սմիթսընեան հաստատութիւնը 50 տարիէ ի վեր կը կազմակերպէ այս փառատօնը: Այս տարի արդէն 51-րդն է, որուն առաջին անգամ պիտի մասնակցի նաեւ Գաթալոնիան՝ իր բարձրագոյն ղեկավարութեան մասնակցութեամբ:

««Ֆոլքլայֆ»-ը սովորական ցուցահանդէսային փառատօն չէ, անիկա կենդանի ձեւով կը ներկայացնէ տուեալ երկրի կենցաղավարման կեանքը, արհեստը, խոհանոցը եւ այլն: Ամէն տարի կ՝ըլլայ տարբեր ուղղուածութիւն ու նիւթ: Այս տարի գլխաւոր հերոսը վարպետն է, որուն միջոցով ցոյց պիտի տրուի այսօրուան արհեստը, աւանդոյթները, խոհանոցը՝ կապը պահելով անցեալի հետ: Գաղափարը այն է, թէ ինչպէս այդ արհեստները պահպանուած ու փոխանցուած են սերունդներուն»,- ըսած է Լեւոն Աբրահամեան:

Փառատօնի ծիրէն ներս պիտի ներկայացուի խաչքարագործութիւնը, կաւագործութիւնը, փայտագործութիւնը, գորգագործութիւնը: Ըստ Լեւոն Աբրահամեանի՝ նախատեսուած է նաեւ խաչքարի օծման արարողութիւն:

Յաջորդ ուղղութիւնը ասեղնագործութիւնն է, որ պիտի ներկայացուի սուրիահայերու միջոցով:  

Փառատօնը պիտի տեւէ մինչեւ Յուլիս 8: Յուլիս 4-ը ԱՄՆ-ի անկախութեան օրն է, եւ սովորաբար Ուաշինկթըն կ՝երթան մեծ թիւով այցելու: Հաշուարկները ցոյց կու տան, որ այս փառատօնը միջինը պիտի ունենայ 500 հազար այցելու:

 

Ամբողջութեամբ՝ armenpress.am