image

Հալէպի Հայ Ծերանոցը նշած է Մեծն Ներսէս Հայրապետի տօնը

Հալէպի Հայ Ծերանոցը նշած է Մեծն Ներսէս Հայրապետի տօնը

Հալէպի Հայ Ծերանոցի տնօրէութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 10 Յունիսին, ԱՄԺ Տան «Անի» ճաշասրահէն ներս Մեծն Ներսէս Հայրապետի տօնին առիթիւ շնորհակալական ճաշկերոյթ տեղի ունեցած է: 

Հաւաքոյթը կայացած է Հայ երեք Համայնքապետներուն հովանաւորութեամբ: Ճաշկերոյթին ներկայ եղած են Հայ երեք Համայնքապետները, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, հալէպահայ ազգային, եկեղեցական, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հայ Ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեան ներկայացուցած է 2015-ի Յուլիսէն մինչեւ օրս երկարող տարիներուն Հայ Ծերանոցի գործունէութեան համառօտ տեղեկագիրը՝ զեկուցելով Հայ Ծերանոցի առողջապահական, ծառայողական, յարաբերական, եկեղեցական կեանքին, տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն ու այցելութիւններուն, պտոյտներուն եւ օժանդակութիւններուն մասին: Ան լուսարձակի տակ առած է պատերազմի տարիներուն Հայ Ծերանոցին կրած վնասներն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ դժուարութիւններու յաղթահարման ի խնդիր տարուած աշխատանքները:

 

Այս առիթով, նուիրատուութիւններ կատարուած են Հայ Ծերանոցին։ Իշխանական նուիրատուութիւններ կատարած են հայ երեք համայնքապետները եւ ԱՄԺ Տան Խնամակալութիւնը։