image

Թուրքիա. Իւրաքանչիր 4-րդ երեխայ աղքատ է

Թուրքիա. Իւրաքանչիր 4-րդ երեխայ  աղքատ է

Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ Թուրքիոյ մէջ իւրաքանչիւր 4 երեխայէն մէկը աղքատ է։

 

Իսկ աշխատող երեխաներու թիւը երկրի մէջ կ'անցնի երկու միլիոնը։ Աշխատող անչափահասներու շուրջ 80 տոկոսը գրանցուած չէ գործատուի կողմէ եւ զրկուած է ընկերային ապահովագրութենէ։

 

Թուրքիոյ մէջ աշխատող երեխաներու շուրջ 30 տոկոսը ներգրաւուած է գյուղատնտեսական աշխատանքներու մէջ, 40 տոկոսը՝ սպասարկման, 27 տոկոսը՝ արդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ։ Մասնաւորապէս գիւղատնտեսական աշխատանքներուն մասնակցող երեխաներու նուազագոյն տարիքը կը հասնի մինչեւ 6 տարեկան, որ պայմանաւորուած է ընտանիքներու ծայրահեղ չքաւորութեամբ։

 

Անօրինական աշխատանքի մէջ ներգրաւուած են նաեւ երկրի մէջ ապաստանած սուրիացի եւ միւս փախստականներու երեխաները։ Երեխաներու մասնակցութեամբ արդիւնաբերական վթարներու մէջ տուժած անչափահասներու շուրջ 10 տոկոսը փախստականներու երեխաներն են։ Ըստ վիճակագրութեան՝ վերջին 5 տարուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ արդիւնաբերական վթարներուն զոհ դարձած են 319 երեխայ։