image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ ընտրութիւններ.«թուրք ընտրողը յոգնած է իշխանութիւններէն» Մէրալ Աքշէնէր

Թուրքիոյ ընտրութիւններ.«թուրք  ընտրողը  յոգնած է իշխանութիւններէն» Մէրալ Աքշէնէր

«Լաւ» կուսակցութեան հիմնադիր ու նախագահ Մէրալ Աքշէնէր թրքական NTV հեռուստաալիքի եթերի ժամանակ ըսած է, թէ Թուրքիոյ արեւելքի քիւրտ ընտրողները մշտապէս տատանած են իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» եւ քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութիւններու միջեւ, սակայն երկուքի պարագային ալ արդիւնքը եղած է հիասթափեցուցիչ։

«Մինչ օրս Թուրքիոյ արեւելքի մէջ ընտրողը իշխանութեան ու քրտամէտներու միջեւ կը տատանէր։ Իսկ երկրի արեւմուտքի մէջ՝ իշխանութեան ու ընդդիմադիր քէմալականներու միջեւ։ Ժողովուրդի մէկ հատուածն ալ յոգնած է իշխանութիւններէն, այս մարդիկ ճանապարհ կը փնտռեն, բայց չեն ալ փափաքիր տապալել Էրտողանը։ Ընտրողներու մէկ այլ հատուած ալ նախքան միշտ ձայն տուած է ընդդիմութեան, սակայն ընդդիմութիւնը հիասթափեցուցած է։ Հիմա մենք կը փորձենք բանալ ընտրողի համար այդ «երրորդ» ճանապարհը»,- ըսած է Աքշէնէրը: