image

Հայ Աւետարանական համայնքի կազմակերպութեամբ «Իֆթար»ի հանդիպում (Լուսանկարներ)

Հայ Աւետարանական համայնքի կազմակերպութեամբ «Իֆթար»ի  հանդիպում (Լուսանկարներ)

Հալէպի մէջ, Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սէլիմեան , Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիէն ներս «Իֆթար»ի սեղանի մը շուրջ հիւրընկալած է Սուրիոյ ներքին առեւտուրի եւ սպառողներու պաշտպանութեան նախարարը, Հալէպի Նահանգապետը, Պաաս կուսակցութեան քարտուղարը, Հալէպի մուֆթին, Իսլամ առաջնորդներ (Շէյխեր) եւ հոգեւոր հովիւներ, «Շիրաճեան» մշակութային սրահէն ներս:

 


 

Երեկոն սկսած է բարի գալուստի եւ ողջոյնի խօսքերով ու Իֆթարի ընթրիքով: Վեր. Սէլիմեանը անդրադարձած է քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան անժամանցելի եւ խիստ հրամայական նիւթին, որպէս քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ գոյակցութեան բարի վկայութիւն, Սուրիոյ մէջ: Ան ընդգծած է, թէ ուրիշ ազգեր եւս օրինակ պէտք է վերցնեն Սուրիական կրօնական համայնքներու գոյակցութեան իրավիճակէն, ըսելով, որ «Սուրիան միշտ եղած է հիանալի օրինակը ողջ աշխարհի մէջ, երբ խօսքը կը վերաբերի համատեղ գոյակցութեան»:

 

 

Աւարտին, ներկաները փոխանցած են իրենց շնորհակալութիւնները եւ երախտագիտութիւնը Վեր. Համայնքապետին այս յատուկ նախաձեռնութեան համար: