image

Թուրքիոյ ընտրութիւններ. Էրտողան մտադիր է քայլեր ձեռնարկել Տէմիրթաշի դէմ

Թուրքիոյ ընտրութիւններ. Էրտողան մտադիր է քայլեր ձեռնարկել Տէմիրթաշի դէմ

Թրքական «Պիրկուն» պարբերականը գրած է, թէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Տրապիզոնի հանրահաւաքի ժամանակ  քիւրտ քաղաքական գործիչ Տէմիրթաշի դէմ արտայայտուած է՝ որպէս նախագահի թեկնածու հանդէս գալուն եւ խոստացած, որ իրենք «կ'ուղղեն այդ սխալը»։
 

 

«Ես սխալ կը համարեմ Տէմիրթաշի թեկնածութիւնը։ Ի՞նչ կը նշանակէ, թէ կալանաւոր է, բայց դատապարտուած չէ, կրնայ ըլլալ թեկնածու։ Մենք կ'ուղղենք այդ սխալը։ Շատ կարեւոր է այս պարագային անոր կալանաւորման պատճառը»,- ըսած է Էրտողան։