image

Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան անդամը փորձած է երիտասարդի մը խեղդամահ ընել

Թուրքիոյ իշխող  կուսակցութեան անդամը  փորձած է երիտասարդի մը խեղդամահ ընել

DHA գործակալութիւնը գրած է, թէ Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան պատգամաւորը նախընտրական քարոզչութեան շրջանին Պուրտուր քաղաք կատարած այցի ժամանակ փորձած է խեղդամահ ընել ընդդիմադիր երիտասարդի:

Աղբիւրը նշած է, որ ԱԶԿ պատգամաւոր Պայրամ Օզչելիք այցի ժամանակ մտած է նաեւ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան շտապի շէնք՝ մրցակիցները ողջունելու։ Պատգամաւորը վէճի բռնուած է Էրկիւն Էրտէմ անունով երիտասարդի հետ եւ փորձած է խեղդել։

Շրջապատի մարդոց միջամտութենէն ետք Օզչելիք ստիպուած լքած է շտապի շէնքը, իսկ աւելի ուշ վերադարձած ու ներողութիւն խնդրած է Էրկիւն Էրտէմէն։

Պատգամաւոր Օզչելիք լրագրողներուն յայտնած է, թէ ընդդիմադիր երիտասարդը հրաժարած է սեղմել իր ձեռքը՝ անուանելով զինք «կիւլէնական ու ահաբեկիչ», որու հետեւանքով ալ ծագած է վէճը։