image

Իտլիպի մէջ պայքարը թէժացած է

Իտլիպի մէջ պայքարը թէժացած է

ՄԱԿ-ի գրասենեակը մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքին մէջ հակամարտութեան եւ օդային հարուածներու թէժացման վերաբերեալ:

«Ռոյթըրզ» լրատուական գորակալութեան փոխանցմամբ, ներկայիս Իտլիպի բնակչութիւնը 2,5 միլիոն քաղաքացի կը կազմէ, որոնք ոչ մէկ ապաստան ունին իրենք զիրենք փրկելու համար:

Աղբիւրին համաձայն, ՄԱԿ-ի տարածաշրջանային մարդասիրական հարցերով համակարգողը կոչ ուղղած է միջազգային խոշորագոյն ուժերուն միջամտելու եւ Իտլիպի մէջ արիւնայեղութեան վերջ տալու համար:

Վերջինս Ժնեւի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է, որ հիմնական մտահոգութիւնը կը կայանայ 2,5 միլիոն իտլիպցիի դէպի Թուրքիա փախչելու վտանգին մէջ: