image

Քուէյթահայ գործարարի նոր յաջողութիւնը Երեւանի մէջ

Քուէյթահայ գործարարի նոր յաջողութիւնը Երեւանի մէջ

Քուէյթահայ գործարար Յակոբ Գույումճեանի տնօրինած «Actionco Foton» ընկերութիւնը նոր յաջողութիւն գրանցած է Երեւանի մէջ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ընկերութեան Երեւանի գրասենեակէն:

Մեր ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն «ِActionco Foton» ընկերութիւնը վերջերս համաձայնագիր մը կնքած է Երեւանի ընդհանուր աղբահանութիւնը իրականացնող «Սանիթէք» ըկերութեան հետ:

Ըստ վերջերս կնքուած պայմանագրին ընկերութիւնը «Ֆոտոն» մակնիշի արդիական մեծ քարշիչ մեքենաներ պիտի հայթայթէ «Սանիթէք» ընկերութեան:

 

Յիշեցնենք որ դեռ տարեսկիզբին Action ՍՊԸ Foton ընկերութեան տնօրէն, Foton մեքենաներու պաշտօնական ներկայացուցիչ, արմատներով հալէպցի, Քուէյթահայ գործարար Յակոբ Գույումճեանի ջանքերով ՀՀ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութիւնը օգտագործման դրած էր մարդատար արդիական տեսակի Foton կառքեր, որոնք ուղղակիօրէն Չինաստանէն Երեւան կը հասնին: