image

Երեւանի մէջ փորձած են կողոպտել հալէպահայերու պատկանող հաստատութիւնը

Երեւանի  մէջ փորձած են   կողոպտել հալէպահայերու  պատկանող   հաստատութիւնը

Երէկ առաւօտ  կանուխ անածնօթ անձինք փորձած են կողոպուտի ենթարկել մարզազգեստներու առեւուտուրով զբաղուող #Sport» հաստատութիւնը։ Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երեւանի իր աղբիւրէն, որ նաեւ յայտնեց, թէ 6 յունիսի վաղ առաւօտեան դիմակաւորուած չորս անձինք փորձած  են նախ ոչնչացնել նկարահանող սարքը, որմէ ետք ալ թալանի նպատակով փորձած են կոտրել հաստատութեան գլխաւոր դուռը։

 

Թալանի փորձ ընողներուն բարձրացուցած աղմուկին հետեւանքով հարեւանները դուրս եկած են իրենց տուներէն, որմէ ետք իրենց դէմքերը ծածկուած պահող չորս անձերը ստիպուած եղած  են փախուստի դիմել։

 

Աւելի ուշ շրջան հասած ոստիկանութիւնը հետաքննական աշխատանքներ կատարած է  պարզելու համար դէպքին մանրամասնութիւնները։

 

Նշենք, որ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով Երեւան հաստատուած Պըլըխեաններուն պատկանող հաստատութիւնը յաջողած է կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ երեւելի  յաջողութիւն ձեռք  ձգել։