image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիացի ծաղրանկարիչ Ռայէտ Խալիլ մրցանակ ստացաւ

Սուրիացի ծաղրանկարիչ Ռայէտ Խալիլ մրցանակ ստացաւ

Ուքրանիոյ մէջ կայացած «Ծաղրանկարի միջազգային մրցոյթ»ին սուրիացի ծաղրանկարիչ Ռայէտ Խալիլ երրորդ պատուաւոր տեղը գրաւած է:

«Սանա» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, մրցոյթին մասնակցած էին աշխարհի չորս կողմերէն ժամանած մեծ թիւով ծաղրանկարիչներ:

Սուրիացի Ռաէտ Խալիլին երրորդ տեղն ապահովող ծաղրանկարի նիւթը Միացեալ Նահանգներու մշտական ձգտումն է, տոլարը միջազգային շուկային մէջ իշխող դիրքի վրայ պահելու:

Նշենք, որ մրցոյթի այս տարուան ընդհանուր նիւթը դրամն էր:

Աղբիւրին համաձայն, առաջին մրցանակին արժանացած է ուքրանացի Լուքիանշինքօ, իսկ երկրորդ մրցանակը բաժին հասած է քրուաթիացի Միճամիր Միհաթովին: