image

Հոլիուուտեան յայտնի բեմադրիչ Ստեփան Մարտիրոսեան Հայաստան պիտի արտայանձնուի

Հոլիուուտեան յայտնի բեմադրիչ Ստեփան Մարտիրոսեան Հայաստան պիտի արտայանձնուի

Մոսկուայի քաղաքային դատարանն ուժի մէջ պահած է հոլիուուտեան յայտնի բեմադրիչ Ստեփան Մարտիրոսեանը Հայաստանին արտայանձնելու Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազութեան որոշումը: 24 մայիսին կայացած նիստին Մոսկուայի դատարանը մերժած է պաշտպանական կողմի բողոքը,  արտայանձնումը համարելով օրինական եւ հիմնաւորուած, կը հաղորդէ «Business FM»:

Հայաստանի մէջ Մարտիրոսեան կը մեղադրուի շուրջ 50 միլիոն տոլար իւրացնելու մէջ: Քննութեան վարկածով, Մարտիրոսեան 97 միլիոն տոլարի դիմաց վաճառած է 20 ամերիկեան ֆիլմի իրաւունք, ֆիլմերուն արժէքը բարձրացնելով երկու անգամ: Բեմադրիչին խօսքով, իր դէմ հետապնդումները քաղաքական բնոյթ կը կրեն:

Ստեփան Մարտիրոսեան, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի է, արդէն 30 տարի է, որ ԱՄՆ կը բնակի: Ան ձերբակալուած է 2017 թուականի 25 հոկտեմբերին Մոսկուայի «Տոմոտետովօ» օդակայանին մէջ: Պարզուած է, որ ձեռնարկատէրը կը գտնուի Ինթըրփոլի հետախուզման ցուցակին մէջ: Նշուած է, որ Մարտիրոսեանի դէմ քրէական գործ յարուցուած է Հայաստանի մէջ, Բրիտանական Վիրճինեան կղզիներուն մէջ գրանցուած օֆշորային ընկերութեան դիմումի հիման վրայ, որ բեմադրիչին պնդմամբ, կը պատկանի «Հայպիզնէսպանք»ի սեփականատէր ռուսաստանաբնակ Վիթալի Գրիգորեանցին:

Քննութեան տուեալներով, 2011-2013 թուականներուն այդ ընկերութեան հետ է, որ Մարտիրոսեան կնքած է 20 ֆիլմի վարձակալութեան պայմանագիր, ամերիկեան «Envision Intertainment» ընկերութեան անունով, որուն ղեկավարը նոյն ինքը՝ բեմադրիչն է: Պայմանագիրի ընդհանուր արժէքը կազմած է 97.2 միլիոն տոլար, որմէ ան ֆիլմերու գնման վրայ ծախսած է միայն 47.2 միլիոնը, իսկ միւս կէսը՝ 50 միլիոն տոլարը, շորթած է: Անոր գործողութիւնները Հայաստանի մէջ կ'որակուին որպէս խարդախութիւն առանձնակի խոշոր չափով:

Մարտիրոսեանի պաշտպան Տմիթրի Ռոշրին «Business FM»ին յայտնած է, որ քրէական հետապնդումն անօրինական է: Ան դատարանի ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ 20 ամերիկեան ֆիլմ գնելու մասին պայմանագիրը կնքուած է ԱՄՆ-ի տարածքին, ամերիկեան օրէնսդրութեան համաձայն: «Այսպիսով, յանցագործութիւնը, եթէ ենթադրենք, որ իսկապէս իրականացած է, տեղի ունեցած է ԱՄՆ-ի տարածքին, ոչ թէ Հայաստանի»,- ընդգծած է փաստաբանը, աւելցնելով, որ զարմանալի է, թէ ինչու հայ քննիչները կը քննեն այդ գործը եւ ինչու Հայաստանի դատախազութիւնը Մարտիրոսեանը ձերբակալելու պահանջ ուղարկած է Ռուսիոյ:

Ինք՝ Մարտիրոսեան իր դէմ գործ յարուցելու պատճառ կը համարէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մասին հոլիուուտեան դերասաններու մասնակցութեամբ ֆիլմ նկարահանելու ցանկութիւնը: