image
Հրատապ լուրեր:

«Կտրուկ քայլեր Ղարաբաղի հարցով». Քահրաման

«Կտրուկ քայլեր Ղարաբաղի հարցով». Քահրաման

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրամանը Թուրքիոյ մէջ գտնուող Ատրպէյճանի սփիւռքի հարցերով նախարար Ֆուատ Մուրատովի հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձած է ղարաբաղեան հիմնահարցին։


«Ղարաբաղի խնդիրը նաեւ մեր խնդիրն է, ինչպէս որ Կիպրոսի հարցը Ատրպէյճանինն է, իսկ Քաշմիրինը` իսլամական աշխարհինը։ Կը հաւատանք, որ նման հարցերու կարգաւորման համար  աւելի կտրուկ քայլեր պէտք է իրականացուին», - ըսած է Քահրամանը:

Վերջինս պնդած է, որ այս հարցի առընչութեամբ ՄԱԿ-ը չի կատարեր իր գործառոյթները։ Ըստ խորհրդարանի նախագահին՝ անհրաժեշտ է աւելի լրջօրէն զբաղիլ այն հարցերով, որոնք վտանգ կը ներկայացնեն աշխարհի եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան համար։