image

Լիբանան.Ասմահանի տխուր ճակատագիրը

Լիբանան.Ասմահանի տխուր ճակատագիրը

Լիբանանի մէջ երէկ, երկուշաբթի օր դժբախտ պատահար տեղի ունեցած է: Մարուն Միսք շրջանի 6 յարկանի շէնքերէն մէկու տանիքէն քաղաքացի Ասմահան Ֆ. վար ինկած ու մահացած է:

«Lebanon 24» կայքին փոխանցմամբ, անմիջապէս դէպքի վայր ժամանած են շտապօգնութեան աշխատակիցները, սակայն մինչեւ վերջիններուս տեղ հասնիլը Ասմահան կեանքէ հեռացած էր:

Ներկայիս քրէական գործ յարուցուած է, տեղի կ'ունենայ քննութիւն, դէպքի մանրամասները բացայայտելու նպատակով: