image

Թուրքիան «ջատագովող» Սելանիկի քաղաքապետը ծեծի ենթարկուած

Թուրքիան   «ջատագովող»   Սելանիկի   քաղաքապետը  ծեծի   ենթարկուած

«The Washington Pօst»-ը յայտնած է, թէ Յունաստանի մէջ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան առընչութեամբ կազմակերպուած միջոցառումներու ժամանակ ծեծի  ենթարկուած է Սելանիկի քաղաքապետ Եանիս Պութարիսը:

 

Միջոցառման ժամանակ 75-ամեայ քաղաքապետին մօտեցած են 10-12 մարդ եւ պահանջած են հեռանալ միջոցառման վայրէն: Երբ քաղաքապետը հրաժարած է՝ սկսած են ծեծել: 

 

Նշենք, որ Սելանիկի քաղաքապետը Յունաստանի եւ Թուրքիոյ մերձեցման կողմնակից է եւ յայտնի է իր բացայայտ հակաազգայնական դիրքորոշմամբ:
 

 

Հաղորդուած է, որ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է երկու կասկածեալ: