image
Հրատապ լուրեր:

Արտասահմանի մէջ ուսանած հայ մասնագէտները պատրաստ են աջակցելու ՀՀ կառավարութեան

Արտասահմանի մէջ ուսանած հայ մասնագէտները պատրաստ են աջակցելու ՀՀ կառավարութեան

Արտասահման ուսանած, ներկայիս արտերկրի մէջ աշխատող եւ բնակող խումբ մը հայ մասնագէտներ յայտարարութիւն տարածած են, նշելով որ ականատես ըլլալով Հայաստանի մէջ երկար սպասուած եւ աննախադէպ ազգային զարթօնքին, իրենց պարտքը կը համարեն այս պատմական պահուն աջակցութիւն յայտնել համաժողովրդական շարժման։ Հայ մասնագէտները պատրաստակամութիւն յայտնած են, բարոյական աջակցութենէն բացի իրենց գիտելիքներով եւ փորձով աջակցիլ ՀՀ կառավարութեան։

Նախաձեռնութեան հեղինակներն են՝ Լիոնի «Ժան Մուլէն» համալսարանի, կառավարման գիտութիւններու դոկտոր Լուսինէ Արզումանեանը, Սթրասպուրկի համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու մագիստրոս, Փարիզեան ESSEC Պիզնես դպրոցի MBA աստիճանի տիտղոսակիր Արշակ Թովմասեանը եւ Փարիզի ENSAM ճարտարապետական դպրոցի MS, տնտեսական գիտութիւններու թեկնածու Վահագն Ստեփանեանը։

Լուսինէ Արզումանեանը մանրամասնած է, թէ ինչպէս այս ամէնը՝ փուլ առ փուլ պիտի իրականացուի․

«Տեսնելով, թէ ինչպէս Հայաստանի մէջ երիտասարդները կը փորձեն ինչ-որ բան փոխել, ոգեւորուեցանք անոնց այդ քայլէն եւ որոշեցինք նման նախաձեռնութեամբ հանդէս գալ»։

Նախաձեռնութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնը թարգմանուած է 5 լեզուներով եւ տարածուած համացանցով։ Այդպիսով, այն մարդիկ, որոնք սորված են եւ կ'աշխատին արտերկրի մէջ, ունին համապատասխան գիտելիքներ, ցանկութիւն եւ փորձ, կրնան այդ բոլորը ի նպաստ բերել Հայաստանի զարգացման։

«Առաջին փուլին, կը նախատեսենք մասնագէտներու վերաբերեալ տուեալներու պազա ստեղծել։ Տուեալներու պազայի մեծացման զուգահեռ՝ պիտի փորձենք առանձնացնել ու կապ հաստատել տարբեր բնագաւառներու մասնագէտներու հետ՝ ելլելով Հայաստանի առջեւ ծառացած խնդրիրներու բնոյթէն եւ, իհարկէ, անոնց լուծման առաջնահերթութիւններէն»:

Լուսինէի խօսքով, «Հետաքրքրութիւնը բաւական մեծ է՝ 2-3 օր անցած է, ինչ յայտարարութիւնը տարածուած է ընկերային ցանցերով եւ այս պահի դրութեամբ՝ արդէն ունինք 80 մասնագէտ, որոնք թողած են իրենց բոլոր տուեալները»։

Նախաձեռնութիւնն ունի լայն աշխարհագրական տարածում. կը սկսի Միացեալ նահանգներէն՝ կը վերջանայ Չինաստանով։ Մասնակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած են տարբեր մասնագէտներ՝ լեզուաբաններ, տնտեսագէտներ, իրաւաբաններ, քաղաքագէտներ եւ այլն։

globnews.am-ի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Լուսինէն նշած է, որ կազմկոմիտէն դեռ կապ չէ հաստատած Հայաստանի կառավարութեան հետ, այդ մէկը պիտի կատարուի տուեալներու պազան ընդլայնելէ ետք։ « Մենք չենք սահմանափակեր մեր ներուժի գործածութիւնը եւ պատրաստ ենք կառավարութեան հետ քննարկել համագործակցութեան բոլոր ուղղութիւններն ու ձեւաչափերը»,-ըսած է Լուսինէ Արզումանեանը։

 

globnews.am

Շուշան Ստեփանեան