image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանցի Փիեռ Քարամ աշխարհի 50 ակնառու գիտնականներէն մին է

Լիբանանցի Փիեռ Քարամ աշխարհի 50 ակնառու գիտնականներէն մին է

Լիբանանցի քիմիագէտ, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս Փիեռ Քարամ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին կողմէ ընտրուած է 40 տարեկանը չանցած 50 ակնառու երիտասարդ գիտնականներէն մէկը, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են գիտական տարբեր ոլորտներու մէջ:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին համաձայն, լիբանանցի քիմիագէտը անդամ է Երիտասարդ գիտնականներու միութեան, որոնք իրենց ժողովներ կը գումարեն տարբեր բնագաւառներու  ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, որոնց շարքին են արդիւնաբերութեան ոլորտի մասնագէտներ, երկիրներու եւ պետութիւններու ղեկավարներ, ընկերութիւններու գործադիր տնօրէններ:

Նշուած է, որ երիտասարդ ակնառու գիտնականներու ընտրութիւնը տեղի կ'ունենայ նկատի ունենալով ժամանակակից առաջատար գիտական հանդէսներուն մէջ տպագրուած վերջիններուս յօդուածներու որակը, եւ մարդկութեան ապրելակերպը բարելաւելու առումով անոնց ունակութիւնը:

Կայքին փոխանցմամբ, ընտրուած երիտասարդ գիտնականներուն առիթ պիտի տրուի համաշխարհային մակարդակով որոշումներ կայացնողներու հետ, իրենց գիտական հետազօտութիւններով վերջիններուս վրայ ներգործուն դեր ունենալու ակնկալիքով, բան մը, որ յետագային իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ համաշխարհային տնտեսութեան եւ քաղաքական զարգացման վրայ: