image

Կազզայի մէջ նորածին պաղեստինցին իսրայէլեան յարձակումներու զոհ

Կազզայի մէջ նորածին պաղեստինցին իսրայէլեան յարձակումներու զոհ

Պաղեստինի Կազզա շրջանին մէջ իսրայէլեան ուժերը ցուցարարները հեռացնելու նպատակով արցունքաբեր կազեր արձակած են, որուն հետեւանքով Լայլա անունով պաղեստինցի նորածին մը զոհուած է:

 

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, իսրայէլեան ուժերու յարձակումներուն հետեւանքով, բացի 8-ամսեայ նորածինէն, նաեւ 59 պաղեստինցի սպաննուած է, որոնց մեծ մասը դիպուկահարներու զոհ դարձած է:

 

Նշենք, որ նախանցեալ օր Կազզայի մէջ ծայր առած ցոյցերու պատճառը ԱՄՆ-ի դեսպանութիւնը Երուսաղէմ տեղափոխելու որոշումն էր: