image
Հրատապ լուրեր:

Ազնաւուր դուրս եկած է հիւանդանոցէն. 5 յունիսին պիտի վերսկսի համերգային շրջագայութիւնը

Ազնաւուր դուրս եկած է հիւանդանոցէն. 5 յունիսին պիտի վերսկսի համերգային շրջագայութիւնը

Աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրը դուրս գրուած է հիւանդանոցէն: Այդ մասին կը յայտնէ France Info գործակալութիւնը:

ինչպէս «Արեւելք» օրերս հաղորդած էր, Ազնաւուրը հիւանդանոց տեղափոխուած էր Ֆրանսիայի մէջ՝ ձեռքը կոտրելու պատճառով: 

Բժիշկները նշած են, որ Ազնաւուրի մօտ ուսոսկրի ճաք կայ, անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար: Ազնաւուրը ուսի բեկակալը պէտք է կրէ մինչեւ մայիսի վերջ:


Շարլ Ազնաւուր իր շրջագայութիւնը պիտի վերսկսի 5 յունիսին: