image

Սուրիահայերուն եւ լիբանանահայերուն տրամադրուած անձագիրներուն դիմաց փոխհատուցում

Սուրիահայերուն եւ լիբանանահայերուն տրամադրուած անձագիրներուն դիմաց փոխհատուցում

ՀՀ կառավարութիւնը 12 միլիոն 990 հազար դրամ պիտի յատկացնի Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ օտարերկրեայ հայ քաղաքացիներուն տրամադրուած ՀՀ անձնագիրին դիմաց պետական տուրքի փոխհատուցման նպատակով: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին որոշման նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան Մայիս 11-ի նիստի օրակարգին:

Ըստ նախագիծի հիմնաւորման, 2018-ի առաջին եռամսեակին ընթացքին տրամադրուած է օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ վաւերական 230 անձնագիր, սակայն պետական տուրք չէ գանձուած: Ի դէպ, այդ անձնագիրները տրամադրուած են Դամասկոսի (93 գործ), Հալէպի (128 գործ), Պաղտատի (7 գործ), Պէյրութի մէջ(2 գործ) գտնուող ՀՀ դեսպանութեան մէջ` ՀՀ քաղաքացիներուն եւ հայ ա՛յն օտարերկրեայ քաղաքացիներուն, որոնք ձեռք բերած են ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ դիմած են առաջին անգամ ՀՀ անձնագիր ստանալու համար:

«ՀՀ կառավարութիւնը ամէն կերպով կը փորձէ աջակցիլ այն հայ օտարերկրեայ քաղաքացիներուն եւ ՀՀ քաղաքացիներուն, որոնց մշտական բնակութեան օտարերկրեայ պետութեան մէջ ստեղծուած է այնպիսի արտակարգ իրավիճակ, որ կը սպառնայ քաղաքացիներու կեանքին կամ առողջութեան»,- ըսուած է նախագիծի հիմնաւորման մէջ: