image

Պէյրութ. Վէճի հետեւանքով դանակահարուած է հայորդի մը (Լուսանկար)

Պէյրութ. Վէճի հետեւանքով դանակահարուած է հայորդի մը (Լուսանկար)

Պէյրութի հայահոծ Տորա շրջանին մէջ տեղի ունեցած վէճէն ետք դանակահարուած է Գէորգ Ռազմիկ անունով հայորդի մը: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ուայնիյի  ալ տաուլէ» դիմատետրի էջը:

 Դէպքը պատահած է Տորա շրջանի Սիթի Սէնթր թաղամասին մէջ գործով «Marakyie» գիշերային ակումբին  մօտ, ուր այդ  ակումբի պահակներէն մին դանակի հարուածներ հասցուցած է 30-ամեայ երիտասարդ Գէորգ Ռազմիկին, որ ծանրօրէն վիրաւորուելէ ետք  փոխադրուած է  հիւանդանոց:

Աւելի ուշ  պարզուած է, որ պահակը Ալի Սըպհի Մըսթոն անունով Սուրիոյ  քաղաքացի մըն է:

Դէպքէն ժամեր անց Գէորգի ընտանիքը «Ուր է պետութիւնը» էջին միջոցաւ պետական անվտանգութեան մարմիններու ուշադրութեան յանձնած է պատահարը նշելով նաեւ, որ Անթիլիաս շրջանի  ոստիկանատան մէջ  անոնց դէմ  ճնշումներ բանեցուած են  խնդիրը փակելու եւ հաշտութեամբ աւարտելու:

Յիշեցնենք, որ դէպքը տեղի ունեցած է 6 մայիսին  եւ ներկայիս Գէորգ  կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ: