image

Ոստիկանները բերման ենթարկած են նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներ

Ոստիկանները բերման ենթարկած են նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներ

«Արեւելք»ի տեղեկութիւններով, այսօր ոստիկանութիւնը, բազմաթիւ քաղաքացիներու շարքին բերման ենթարկած է նաեւ Երեւան բնակող լիբանանահայ Վարագ Սիսեռեանը  եւ ֆրանսահայ Արէն Քերթէշեանը: Անոնք այս պահին կը գտնուին Քանաքեռ-Զէյթուն ոստիկանական բաժնին մէջ:

 

Վարագ Սիսեռեանն ու Արէն Քերթէշեանը փողոց դուրս եկած հազարաւոր քաղաքացիներու հետ կը գտուէին Հանրապետութեան հրապարակի մէջ, ուրկէ ալ բռնի ուժով տարուած են ոստիկանութիւն:

Երկու սփիւռքահայ երիտասարդները քառօրեայի առաջին օրը Արցախ մեկնողներէն էին, որոնք  իրենց աջակցութիւնը յայտնած էին սահմանը պահողներուն: