image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճատրակի խումբերու գործունէութեան մասին

Հալէպ. Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճատրակի խումբերու գործունէութեան մասին

«Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ճատրակի վերակազմուած խումբերը բոլորեցին իրենց միամեայ գործունէութիւնը, սկսելով 5 քոյր-եղբայրներով, եւ օր ըստ օրէ ուռճանալով այսօր կը կազմեն 75 քոյրեր եւ եղբայրներ», կը գրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիա ֆէյսպուքեան էջը:


Աղբիւրի համաձայն, անցնող շրջանին անոնք ունեցան եռօրեայ բանակում, ներքին ձեռնարկներ եւ որակաւորման մրցաշարքեր: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ճատրակի մարզիկները իրենց մասնակցութիւնը բերին ճատրակի ֆետերասիոնին կազմակերպած բոլոր մրցաշարքերուն եւ միջ-դպրոցական մրցումներուն՝ արձանագրելով նշմարելի արդիւնքներ եւ յաջողութիւններ: Փորձերը հերթական կերպով կը կատարուին Սիմոն Վրացեան կեդրոնի «Լ. Մասպանաճեան» սրահէն ներս:


Գնահատելի համարուած է ճատրակի յանձնախումբին եւ մարզիկներուն ներկայութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան Մամուլի յանձնախումբին կազմակերպած «Արեւելք Մարզաշխարհ»-ի յուշ երեկոյին: