image
Հրատապ լուրեր:

Անթիլիաս. Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Հալէպի մասին զեկոյց ներկայացուց

Անթիլիաս. Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը  Հալէպի  մասին զեկոյց  ներկայացուց

12-13 Ապրիլ 2018-ին, յաջորդաբար Կրօնական, Քաղաքական ու Տնտեսական ժողովներու հանդիպումներ տեղի ունեցան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

Կրօնական Ժողովը իր լիակատար նիստին ընտրեց դիւանը, որուն մաս կը կազմէր Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան (ատենապետ), Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան (ատենապետ), Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան (ատենադպիր) եւ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան (ատենադպիր)։ Կրօնական, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական բնոյթ ունեցող հարցերուն առընթեր ժողովը որոշեց երիտասարդական, քրիստոնէական դաստիարակութեան ու միջ-եկեղեցական հարցերու յատուկ յանձնախումբեր յառաջացնել՝ մասնակցութեամբ թեմերու ներկայացուցիչներուն։

Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը իր ընթացիկ օրակարգերու հարցերուն առընթեր զեկոյց մը լսեց Բերիոյ թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի կոմէ, Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան ու վերականգնումի առնչուած աշխատանքներուն գծով։

Տնտեսական յանձնախումբը ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկեց Կաթողիկոսարանի 2017 տարուան պիւտճէն ու տնտեսական ընդհանուր կացութիւնը եւ անհրաժեշտ որոշումներ առաւ ընթացիկ տարուան առնչուած։