image
Հրատապ լուրեր:

Հրանդ Տինք հիմնադրամը հրատարակած է «Կը խօսին կեսարացի հայերը» գիրքը

Հրանդ Տինք հիմնադրամը հրատարակած է «Կը խօսին կեսարացի հայերը» գիրքը

Վկայակոչելով Հրանդ Տինք հիմնադրամի կայքէջի հրապարակած լուրը՝ Akunq.net-ը հաղորդած է, թէ հիմնադրամը տպագրած է «Լռութեան ձայնը 5-րդ-կը խօսին կեսարացի հայերը» գիրքը:

 

Աղբիւրին համաձայն` 2011 թ. ի վեր իրականացուող «Անատոլիայի հայերու բանաւոր պատմութեան նախագիծ» լոյս տեսած գիրքին մէջ ներկայացուած են 28 հոգիի հետ կատարուած հարցազրոյցները:

Հարցազրոյցներէն բացի` գիրքի մէջ տեղ գտած են նաեւ Հրանդ Տինք հիմնադրամի պատմութեան ծրագիրի մէջ աշխատող պատմաբան Մեհմէդ Փոլաթելի առաջաբանը եւ գիրքը կազմողի` դոկտոր Իճլալ Այշէ Քիւչիւքքըրճայի վերջաբանը:

Նոյն շարքի միւս գիրքերու նման, «Կը խօսին կեսարացի հայերը» գիրքի մէջ եւս ընդգրկուած են արեւմտահայութեան` Ցեղասպանութեան վերաբերեալ յուշերը եւ Թուրքիոյ հայերու` սեփական ինքնութեան մասին պատկերացումները:

Ըստ գիրքի` Անատոլիայի մէջ հանրապետական շրջանին այն հազուագիւտ քաղաքներէն մէկը եղող Կեսարիան, ուր տակաւին կը շարունակեն հայեր ապրիլ, 1927 թ. մարդահամարի տուեալներով պաշտօնապէս գրանցուած են  1978 հայեր: Այդ թիւը 1932 թ. Նուազած է 1600-ի, 1960-ին` 800-ի, իսկ ներկայիս` գրեթէ 0-ի: Յատկապէս 1950-ական թուականներուն Կ. Պոլիս արտագաղթած կեսարացի հայերու մեծ մասը հաստատուած է Սամաթիա թաղամասի մէջ: