image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիահայերուն բարերարութիւն ըրած Չալեանները բախտաւորուած են մանչ զաւակով մը

Սուրիահայերուն բարերարութիւն ըրած Չալեանները բախտաւորուած են մանչ զաւակով մը

ԱՄՆ  բնակող Արա եւ Թալին Չալեանները բախտաւորուած են իրենց անդրանիկ  զաւակով՝ Արայով:  Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ նորածին փոքրիկին հարազատներէն:

Յիշեցնենք, որ 2016-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Արա Չալյան եւ Դալար Չոլաքեան զոյգի պսակադրութեան առթիւ, զոյգի ցանկութեամբ հրաւիրեալները հարսանեկան նուէրներու փոխարէն դրամական նուիրատվութիւն կատարած էին սուրիահայերուն: Այդ նուիրատուութեան շնորհիւ  58 սուրիահայ Հալէպէն տեղափոխուած էին Հայաստան:

«Արեւելք» այս ուրախ  առիթով կը կիսէ Չալեաններու ուրախութիւնը: