image

Հալէպ. Մայրերու տօնը Ազգ. Մանկապարտէզէն ներս

Հալէպ. Մայրերու տօնը Ազգ. Մանկապարտէզէն ներս

Երեքշաթբի, 20 մարտին, Հալէպի Ազգ. Մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց մայրերը հրաւիրեցին դպրոց՝ գեղարուեստական յատուկ յայտագիրով անոնց տօնը շնորհաւորելու համար: Կը գրէ «Գանձասար»ը:

Փոքրիկները, մանկապարտիզպանուհի Նուշիկ Օհանեան-Չաքրեանի եւ Մանկապարտէզի Հոգաբարձութեան ներկայութեան, երգերով, արտասանութիւններով եւ բարի մաղթանքներով հաճելի յայտագիր մը ներկայացուցին՝ մերթ յուզելով, մերթ ուրախացնելով իրենց մայրերը: Անոնք, այս առիթով, իրենց ուսուցչուհիներուն օգնութեամբ, ձեռային աշխատանքով յարդարած էին իրենց ջերմ ընդունարանը՝ մանկապարտէզի ներքնասրահը:

Տօնական մթնոլորտի մէջ իւրաքանչիւր փոքրիկ իր բարի մաղթանքն ու սէրը արտայայտեց իւրովի: