image
Հրատապ լուրեր:

Գիտաժողով՝ նուիրուած Պերլինի վեհաժողովի 140 ամեակին

Գիտաժողով՝ նուիրուած Պերլինի վեհաժողովի 140 ամեակին

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, Հունաստանի մէջ Կիպրոսի դեսպանութեան մշակութային բաժնի եւ «Յունահայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի» համատեղ նախաձեռնութեամբ 26 մարտին պիտի կազմակերպուի Պերլինի վեհաժողովի 140 ամեակին նուիրուած գիտաժողով. «Պերլինի վեհաժողովէն 140 տարի անց. Մակեդոնական եւ Կիպրական խնդիրներու ծագումը եւ Հայկական հարցը»։


Գիտաժողովին զեկուցումով հանդէս պիտի գայ նաեւ Մոսկուայի «Ժամ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Աննա Կիւարկիզեանը։