image
Հրատապ լուրեր:

Ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած ֆիլմի ցուցադրութիւն Պրիւքսէլի մէջ

Ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած ֆիլմի ցուցադրութիւն Պրիւքսէլի մէջ

16 Մարտին Պրիւքսէլի «Հայ տուն» մշակութային կեդրոնին մէջ կայացած է «Մենք ենք մեր սարերը» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը՝ նուիրուած ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակին։ Միջոցառումը կազմակերպուած էր Արցախի ԱԳՆ եւ «Հայ տուն» կեդրոնի աջակցութեամբ։

Ֆիլմը, որ «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր» փառատօնի շրջանակներուն արդէն ցուցադրուած է Ֆրանսայի շարք մը քաղաքներուն մէջ, հանդիսատեսին ներկայացուցած է ֆիլմի հեղինակ, ֆրանսահայ բեմադրիչ Առնօ Խայաճանեանը։

Միջոցառման ներկայ եղած են ՀՀ դիւանագետներ եւ Պէլճիքայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։